Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ...

15
1 غð ÊúêøÀ Քսան Հնչակեան նուիրեալներու նահատակութեան 100-րդ տարելիցին նշումը ուշագրաւ մի քանի երեւոյթներ լոյսին բերաւ: Այն, որ սխրանքով նուիրական դարձած հերոսներուն յիշատակը կը շարունակէ վառ մնալ աշխարհով մէկ սփռուած մեր ընկերներուն, համակիրներուն եւ համակ հայ ժողովուրդին մօտ: Այդ մէկը նորութիւն մը չէր: Այդ մասին գիտէինք բոլորս: Գիտէինք նաեւ, որ Քսաններու աւանդը արմատացած է մեր շարքին մօտ: Նորութիւնը, շինիչը եւ մեր պահանջատիրութեան սլաքներուն նոր ուղղութիւն տուողը Թուրքիոյ մէջ Քսաններուն մասին եղած արձագանքներն էին: Ու այս օրերուն այդ արձագանքներուն լարումը դարձաւ ամբողջական: Արդարեւ Պէյրութէն ՝ Երեւան, Պոլիս, Լոս Անճելոս, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Գանատա, Անգլիա եւ Կիպրոս Քսաններու ոգեղէն բարձր արժանիքները անգամ մը եւս լսելի դարձան ու կամքի, պայքարը անկոտրում կերպով շարունակելու եւ Քսան Հազարներով հարիւր տարի առաջ կիսատ մնացած գործը շարունակելու վճռակամութիւնը երեւաց ամենուրէք: Այսօր մեր նահատակներուն համար կարեւոր հանգրուան մը կը մտնենք:Ոչ անոր համար, որ անոնց պատգամը լսելու, այդ պատգամով պայքարելու եռանդը կայ միայն, այլ անոր համար, որ անոնց մասին, անոնց էական արժէքին մասին սկսած է խօսիլ Թուրքիոյ հասարակութեան մէկ հատուածը: Մեզի համար կարեւոր է նաեւ, որ Մայր Հայաստանի տարածքին եւս Հնչակեան Քսանները իրենց արդար ու վայել վերարժեւորման արժանի ըլլան: Այս առումով պէտք է հաստատել, որ հակառակ տարուած կարեւոր ճիգերուն, տակաւին երկար ճամբայ ունինք կտրելիք: Հայրենի ժողովուրդին մօտ մեր հերոսներուն մասին խօսիլը, ոչ միայն պարտականութիւն է այլ այժմէական խնդիր: Մայր կուսակցութեան գաղափարական շէնքին կարեւոր բաղկացուցիչները, պէտք է դառնան ամէնօրեայ պայքարի ուղենիշներ: Ու այս ընթացքներուն մէջ, մենք ստիպուած ենք նայիլ առաջ: Պիտի նայինք առաջ, որպէս ընկերվարութեան դրօշին ծառայողներ: Պիտի նայինք առաջ, նուիրումի ոգին դարձնելով կառուցող հիմնաքար: Պիտի նայինք առաջ, ոչ միայն պատմութեան կրողը ներկայանալով այլ Քսաններու աւանդը այսօր եւս նորոգելու համար: Պիտի նայինք առաջ Մայր Հայաստանը, արդար, օրինական, ընկերվարական տեսնելու պայծառ հաւատամքով: Ընկերներ, ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ԱՒԱՆԴԸ ՊԱՀԱՆՋԱԳԻՐ` ՎԵՐԱՏԻՐԱՆԱԼՈՒ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ԱՃԻՒՆՆԵՐՈՒՆ Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի Յունիս 15‐ին, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացան 20 հայորդիներ, որոնք Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ղեկավարներն ու պատաս- խանատու անդամներն էին: Անոնք էին` ՙ Փարամազ անունով ծանօթ Մատթէոս Սարգիսեան, Յակոբ Պասմաճեան, Գաբրիէլ Քէշիշեան, Սմբատ Գլըճեան, Ռուբէն Կարապետեան, Պետրոս Թորոսեան, Արմենակ Համբարձումեան, Աբրահամ Մուրատեան, Արամ Աչըքպաշեան, Հրանդ Եկաւեան, Գարեգին Պօղոսեան, Պօղոս Պօղոսեան, Մուրատ Զաքարեան, Թովմաս Թովմասեան, Երեմիա Մանանտեան, Մկրտիչ Էրեցեան, Գեղամ Վանիկեան, Երուանդ Թոփուզեան, Յովհաննէս Տէր Եղիայեան, Գառնիկ Պոյաճեան: Անոնք թաղուած են ընդհանուր փոսիմը մէջ` Էտիրնէգափուի հայոց գերեզմանատան մէջ: Մենք, Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս, կը ցանկանանք մեր ղեկավար ընկերներու աճիւնները Պոլիսէն արտերկիր տեղափոխել: Հետեւաբար, ձեզ մէ կը պահանջենք մեզի տեղեկացնել այս պահանջքը կատարելու անհրաժեշտ քայլերուն եւ անոնց հերթակա- նութեան մասին: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակ- ցութեան Քսան նահատակ ղեկավարներու կախաղան բարձրանալու հարիւամեակին առթիւ, կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչու- թիւնը պահանջագիր ներկայացուց Պոլսոյ քաղաքապետութեան, պահանջելով տիրանալ նահատակներու աճիւններուն եւ զանոնք ար- տերկիր փոխադրել: Ստորեւ` պահանջագիրը:

Transcript of Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ...

Page 1: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

1

غð ÊúêøÀ

Քսան Հնչակեան նուիրեալներու նահատակութեան 100-րդտարելիցին նշումը ուշագրաւ մի քանի երեւոյթներ լոյսինբերաւ: Այն, որ սխրանքով նուիրական դարձած հերոսներունյիշատակը կը շարունակէ վառ մնալ աշխարհով մէկ սփռուածմեր ընկերներուն, համակիրներուն եւ համակ հայժողովուրդին մօտ: Այդ մէկը նորութիւն մը չէր: Այդ մասինգիտէինք բոլորս: Գիտէինք նաեւ, որ Քսաններու աւանդըարմատացած է մեր շարքին մօտ: Նորութիւնը, շինիչը եւ մերպահանջատիրութեան սլաքներուն նոր ուղղութիւն տուողըԹուրքիոյ մէջ Քսաններուն մասին եղած արձագանքներն էին:Ու այս օրերուն այդ արձագանքներուն լարումը դարձաւամբողջական: Արդարեւ Պէյրութէն ՝ Երեւան, Պոլիս, ԼոսԱնճելոս, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Գանատա, Անգլիա եւԿիպրոս Քսաններու ոգեղէն բարձր արժանիքները անգամ մըեւս լսելի դարձան ու կամքի, պայքարը անկոտրում կերպովշարունակելու եւ Քսան Հազարներով հարիւր տարի առաջկիսատ մնացած գործը շարունակելու վճռակամութիւնըերեւաց ամենուրէք:

Այսօր մեր նահատակներուն համար կարեւոր հանգրուանմը կը մտնենք:Ոչ անոր համար, որ անոնց պատգամը լսելու,այդ պատգամով պայքարելու եռանդը կայ միայն, այլ անորհամար, որ անոնց մասին, անոնց էական արժէքին մասինսկսած է խօսիլ Թուրքիոյ հասարակութեան մէկ հատուածը:

Մեզի համար կարեւոր է նաեւ, որ Մայր Հայաստանիտարածքին եւս Հնչակեան Քսանները իրենց արդար ու վայելվերարժեւորման արժանի ըլլան: Այս առումով պէտք էհաստատել, որ հակառակ տարուած կարեւոր ճիգերուն,տակաւին երկար ճամբայ ունինք կտրելիք:

Հայրենի ժողովուրդին մօտ մեր հերոսներուն մասին խօսիլը,ոչ միայն պարտականութիւն է այլ այժմէական խնդիր: Մայրկուսակցութեան գաղափարական շէնքին կարեւորբաղկացուցիչները, պէտք է դառնան ամէնօրեայ պայքարիուղենիշներ:

Ու այս ընթացքներուն մէջ, մենք ստիպուած ենք նայիլ առաջ:Պիտի նայինք առաջ, որպէս ընկերվարութեան դրօշին

ծառայողներ:Պիտի նայինք առաջ, նուիրումի ոգին դարձնելով կառուցող

հիմնաքար: Պիտի նայինք առաջ, ոչ միայն պատմութեան կրողը

ներկայանալով այլ Քսաններու աւանդը այսօր եւս նորոգելուհամար:

Պիտի նայինք առաջ Մայր Հայաստանը, արդար, օրինական,ընկերվարական տեսնելու պայծառ հաւատամքով:

Ընկերներ,

ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ԱՒԱՆԴԸ

ՊԱՀԱՆՋԱԳԻՐ` ՎԵՐԱՏԻՐԱՆԱԼՈՒՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ԱՃԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ

Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի Յունիս15‐ին, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակինվրայ կախա ղան բարձրացան 20 հայորդիներ,որոնք Սոցիալ Դեմոկրատ ՀնչակեանԿուսակցութեան ղեկավարներն ու պատաս-խանատու անդամներն էին: Անոնք էին`ՙՓարամազ անունով ծանօթ ՄատթէոսՍարգիսեան, Յակոբ Պասմաճեան, ԳաբրիէլՔէշիշեան, Սմբատ Գլըճեան, ՌուբէնԿարապետեան, Պետրոս Թորոսեան, ԱրմենակՀամբարձումեան, Աբրահամ Մուրատեան, ԱրամԱչըքպաշեան, Հրանդ Եկաւեան, ԳարեգինՊօղոսեան, Պօղոս Պօղոսեան, ՄուրատԶաքարեան, Թովմաս Թովմասեան, ԵրեմիաՄանանտեան, Մկրտիչ Էրեցեան, ԳեղամՎանիկեան, Երուանդ Թոփուզեան, ՅովհաննէսՏէր Եղիայեան, Գառնիկ Պոյաճեան: Անոնքթաղուած են ընդհանուր փոսիմը մէջ`Էտիրնէգափուի հայոց գերեզմանատան մէջ:Մենք, Հնչակեան Կուսակցութեան ԿեդրոնականՎարչութիւնս, կը ցանկանանք մեր ղեկավարընկերներու աճիւնները Պոլիսէն արտերկիրտեղափոխել: Հետեւաբար, ձեզ մէ կը պահանջենքմեզի տեղեկացնել այս պահանջքը կատարելուանհրաժեշտ քայլերուն եւ անոնց հերթակա-նութեան մասին:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակ-ցութեան Քսան նահատակ ղեկավարներուկախաղան բարձրանալու հարիւամեակինառթիւ, կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչու-թիւնը պահանջագիր ներկայացուց Պոլսոյքաղաքապետութեան, պահանջելով տիրանալնահատակներու աճիւններուն եւ զանոնք ար-տերկիր փոխադրել: Ստորեւ` պահանջագիրը:

Page 2: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

2

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

«ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴ Է»,-ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԸՆԿ. ՅԱԿՈԲ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍԻ ՄԷՋ

100 Տարիներ առաջ այս օրերուն Պոլսոյ ՍուլթանՊայազէտ հրապարակին վրայ կախաղան կըբարձրացուէին Հնչակեան կուսակցութեան ամէնէն

նուիրեալ գործիչները: Մեր ժողովուրդի պատմութեանմէջ անկիւնադարձային եղած այդ հանգրուանինԱրեւմտահայաստանի ողջ տարածքով մերկուսակցութիւնը տիրական ներկայութիւն կը դառնարպայքարելու` Հայ մարդուն իրաւունքներուն համար:Օսմանեան կայսրութեան ճիւաղային ծրագիրըիրականացնողները սակայն թիրախ կ’ընտրէին ամէնէննուիրեալ, հաւատարիմ եւ ազատութեան համարպայքարող 20 ընտրեալները:

Պատմութեան այդ շրջադարձը գիտենք: Գիտենք,նաեւ, որ մեր նահատակներու բացած ուղին շարունա-կուեցաւ եւ ուռճացաւ, որը ոչ միայն զոհողութիւններուայլ նաեւ ուխտի վերանորոգման ճանապարհ դարձաւ:

Եւ այսօր երբ Մայր կուսակցութիւնը իր տարբերկառոյցներով, սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ տարածուածմարմիններով կը նշէ Փարամազի եւ իր ընկերներուննահատակութեան 100-րդ տարելիցը կուգանք յիշեց-նելու, որ քսաններու նահատակութիւնը եղաւ ու մնացմեզի համար նոր արիւն ներարկող պատմական աւանդ:

Քսաններու փոխարէն քսան հազարներով: Իրաւամբ պատաhական չեղաւ այս խօսքին

հրապարակումը: Մենք այսօր կանք, կը գործենք, կըպայքարինք ու պիտի շարունակենք պայքարիլ այնքան

ատեն, որ մեր ժողովուրդը չէ հասած իր վերջնականնպատակներուն:

Վերջերս Հնչակեան կուսակցութիւնը պաշտօնապէսիր գրասենեակները Սփիւռքէն փոխադրեց Հայաստանեւ դարձաւ Հայաստանակեդրոն Կուսակցութիւն: Մերյաջորդ նպատակը մեզ համար կը մնայ Քսաններուաճիւններու փոխադրումը ՝ Ազատ Անկախ Հայաստան

Ճիշդ այս սկզբունքէն ելած, այսօր այս բեմէն կուգամյայտարարելու Յանուն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեանկուսակցութեան, որ մենք այսօր Յունիսի 14-ին Պոլսոյմէջ պաշտօնական պահանջագիր-հայց ներկայա-ցուցինք Թուրքիոյ պատկան մարմիններուն Հնչակեանքսան հերոսներու աճիւնները ստանալու համար:

Քսաններու վերադարձը եւ անոնց ազգային թաղումըԵռաբլուրի մէջ մեզի համար բարոյական եւսկզբունքային խնդիր է ... Հետեւաբար կը վստահեցնեմ,որ վճռական ենք ու պիտի որ հետեւողական ըլլանքմինչեւ, որ Քսաններու վերադառնան եւ հանգիստ ննջենիրենց երազած հոն արեւելքի հորիզոնին վրայ հիմնուածԱզատ Ու Անկախ Հայաստանի մէջ:

Անցնող ամիսներուն մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկնշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Եւ աշ-խարհով մէկ մէկ մարդու նման համախմբուեցաւ 100-րդտարելիցի խորհուրդին, համահայկական կարեւորա-գոյն օրակարգին շուրջ: Արդար պիտի չըլլար նկատիչառնել պոռթկումի, արդարութեան եւ պահանջի ոգիինանունով ցուցաբերուած կամքը:

Մենք մէկ մարդու նման ոտքի ելլելով պահանջեցինքարդարութիւն: Այս բոլորէն անդին սակայն այս ճիգերըկը մնան թերի եթէ պահանջատիրութեան գործընթացըմնայ այս հարթութեան վրայ: Մօտիկ անցեալին կըխօսէինք ու տակաւին կը խօսինք Ցեղասպանութեանճանաչման մասին բայց այսօր պարտաւոր ենքհայկական հարցին մօտենալ հատուցման պահանջ-ներով եւ նոր մօտեցումներով:

Յարգելի ներկաներ,Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան

համար այսօր առաջնային համարուող խնդիրներունառընթեր պէտք է շեշտադրել հետեւեալ կէտերը

Առաջին. Հայաստանի Հանրապետութեանհզօրացումն ու կայունութիւնը: Այս առումով

պէտք է անպայման ընդգծել, որ մեզի համար

Աշխարհով մէկ տարածուած հայ ժողովուրդին համարսպասելի էր աշխուժ, տինամիք եւ կառուցողականոգիով կամարուած մեր շարքին մասնակցութիւնը տեղիունեցած բոլոր ձեռնարկներուն:

Այդ ոգին ձեւական չէր: Այդ ոգին կեղծ չէր:Այլ Քսաններու նուիրումով իմաստ ստացած եւ անոնց

ճանապարհէն անխռով քալելու նորովի ուխտի մէկարտայայտութիւնն էր:

Եւ այսօր անգամ մը եւս թոյլ տուէք արձանագրել, որմեր ըմբռնումներու օղակը կը մնայ ամրակուռ եւյաւերժական:

Պիտի քալենք, ուխտած ենք քալել այդ ուղիէն:

Ճանապարհները եւ միջոցները կրնան փոխուիլ:Սակայն Մայր կուսակցութեան նպատակը կը մնայնոյնը:

Քսաններու դատը, անոնց նուիրումը եւ հերոսութիւնըմարդկային ամէնէն վեհ արժանիքներուն համար է:

Այդ ոգին անմեռ է ու ժամանակի ժանգը անոր վրայանազդու:

«Արեւելքի հորիզոնի վրայ ընկերվարականՀայաստան»ը ողջունող Փարամազն ու իր ընկերներըայսօր եւս տալիք ունին մեր ժողովուրդին:

Մեր թելադրանքը այդ է: Ու այսօր պահը նուիրականէ Քսաններու աւանդը դարձեալ լոյսին բերելու:

Page 3: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

3

Հայաստանի մէջ այսօր տիրող ընդհանուր իրավիճակըանընդունելի է: Եւ որպէս ընկերավարականկուսակցութիւն մեզի համար կարեւոր է ընկերայինարդարութեան հաստատումը: Բնականաբար այդգործնթացը երկար եւ շարունակական ճիգերով կարելիէ իրականացնել: Այստեղ նոյնպէս դրական շեշտովպէտք է կարեւորել սպասուած սահմանադրականբարեփոխումներու գործընթացը: Պայմանաւ, որ այդփոփոխութիւններուն հիմքը ըլլայ ընկերայինարդարութեան հաստատումը, ՀՀ քաղաքացիիիրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ Հայաստանիանապահով խաւերուն հանդէպ ցոյց տրուելիքհոգատարութիւնը: Բացի անկէ նոյնպէս կարեւոր էմենատիրական մօտեցումներուն, Օլիկարխիայի եւկաշառակերութեան դէմ պայքարը: Այս կարեւորքայլերը միայն կրնան դադրեցնել Հայաստանըտագնապահար ընող արտագաղթը: Արտագաղթին դէմպայքարը միայն բառերով չէ, այլ գործնական քայլերով:

Երկրորդ. Հայոց Ցեղասպանութեան փաստիճանաչման առընթեր կատարուելիք աշխատանք-

ներուն ընթացքները: Այս առումով պէտք է հաստատել,որ բոլորս պէտք է միահամուռ ճիգերով պատրաստենքիրաւական թղթածրարներ, որովհետեւ ՀայոցՑեղասպանութեան ճանաչման հանգրուանէն անդինմենք պարտաւոր ենք աւելի լուրջ, աւելի հիմնաւոր,աւելի յստակ մարտավարութեամբ հանդէս գալ: Այստեղթոյլ տուէք ողջունել Հայաստանի մէջ կազմուած ՀայոցՑեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետականյանձնաժողովի կատարած աշխատանքները, յոյսունենալով, որ արդէն մշտական դառնալիք այդմարմինը հաստատուն քայլերով կը շարունակէ իրգործունէութիւնը համազգային զանազան հարցերուշուրջ: Նոյն ծիրին մէջ պէտք է նաեւ կարեւորելպետական յանձնաժողովի հսկողութեամբ պատրաս-տուած համահայկական հռչակագիրը, հաւատալով, որհոն տեղ գտած դրոյթները տեղ կը գտնեն աշխարհով մէկտարածուած հայութեան պատասխանատու մարմին-ներու հիմնական օրակարգերուն մէջ: Գալով Հայ-թրքական հիմնախնդրին պէտք է նոր կամուրջներհաստատել թրքական այն կողմերուն հետ, որոնք ոչմիայն կ’ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը այլնաեւ պատրաստ են մէկ քայլ առաջ երթալով խօսիլհաւանական համագործակցութեան մասին: Սակայնայս բոլորը պէտք է ըլլան մտածուած եւ ամենա-կարեւորը համահայկական պարունակի մը մէջ: Թուր-քիոյ իշխանութիւններուն ներկայացուելիք ցանկացածպահանջ պէտք է ըլլայ նպատակադրուած: Այսինքն մերպահանջատիրութիւնը պէտք չէ սահմանուի միայնեկեղեցիներ կամ անհատական կալուածներ պահան-ջելով այլ մեր աշխատանքները պէտք է ըլլան համահայ-կական ընդհանուր ձեւաչափերով եւ մօտեցումներով :

Երրորդ. Արցախի հանրապետութեան ամրա-պնդումը: Այդ աշխատանքը պիտի տարուի երկու

ուղղութիւններով: Նախ Արցախի սահմանիապահովումն ու Արցախցի հերոսական ժողովուրդիանվտանգութեան պահպանումը եւ երկրորդ Արցախիհանրապետութեան միջազգային հարթակներու մօտճանաչման գործընթացներու շարունակումը: Պէտք էնաեւ նշել, որ Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորմանորեւէ գործընթաց պէտք է իբրեւ հիմք ունենալ Արցախցիժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:

Արցախը մեր յաղթանակներուն պսակն է եւ մերժողովուրդի անվտանգութեան խորհրդանիշը եւ այդառումով մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք ցանկացածզոհողութեան:

Չորրորդ. շարունակել ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները: Այս առումով պէտք

է աշխատանք տանիլ մէջտեղ բերելու նոր գործնականեւ արդիական ծրագիրներ: Ինչպէս նաեւ սատարել, որերկու կողմերը փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտիստեղծման սատարեն եւ Հայաստանի մէջ հիմք դրուիսփիւռքահայ հատուածներու միախառնման(ինթէկրացման) կարեւոր մօտեցումներուն: Ի վերջոյՀայաստան-սփիւռք միասնութիւնը պէտք չէ մնայ սոսկյայտարարութիւններու ծիրին մէջ: Սփիւռքը ինչպէսերէկ, այսօր եւս կը հանդիսանայ Հայաստանի նեցուկհանդիսացող կարեւոր գործօն: Սակայն նոյն առումովյատկապէս Սփիւռքահայ երիտասարդութեաններգրաւումը այսօրուան Հայաստանի զարգացմանընդհանուր գործին մէջ կը մնայ դանդաղ եւ թերի: Այսառումով կը հաւատանք, որ մեծ ընելիք ունին մերմարմինները, որոնք կոչուած պէտք է ըլլան դէպիՀայաստան մեկնելու, աշխատանք ստեղծելու, գործելուեւ Հայրենիք հասկացողութիւնը սոսկականզգացմունքային դաշտէն դէպի գործ տանելու առումով:Մեր հայրենիքը ունի արագօրէն սրբագրման արժանիհիմնահարցեր: Բայց եւ այնպէս ճշմարտացի ըլլալուհամար պէտք է խոստովանինք, որ մեր պատմութեանվերջին քսան տարիներուն ընթացքին Հայաստան այսօրբռնած է զարգացման ճանապարհը: Խանգարողհանգամանքներ կան, կան նաեւ տագնապի դուռ բացողխնդիրներ, բայց թերահաւատ պիտի ըլլալ չտեսնելուհամար մեր արի, խելացի, նորարար եւ հայրենիքինհանդէպ հաւատք ունեցող երիտասարդ ներուժիններկայութիւնը: Մեր դարը միայն արդիականութեանդարը չէ: Մեր դարը մարդուժի, յաւելեալ ներուժի ումարդկային տեսակի դար է ու մենք, պէտք է հաւատանքայդ ներուժին:

Աւարտին իբրեւ Սոցիալ Դեմոկրատ ՀնչակեանԿուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատե-նապետ կուգամ

Ողջունելու ձեզմէ իւրաքանչիւրին ներկայութիւնըայստեղ:

Մենք բոլորս Օսմանեան թուրքի եաթաղանինյաղթականակած հերոսներուն հետնորդներն են:

Մեր կուսակցութեան ճանապարհը եղած է պայքարիեւ նահատակութեան ճանապարհ: Ու այսօր եւս մենքայդ նուիրումը պահած ենք մեր սրտերուն մէջ:

Մեր կամքը, հաւատամքը եւ մեր երակներէն վազողարիւնը պատրաստ են գործելու յանուն մեր Երկրին:Մեր Հայաստանին, որ մեր սիրտն է ու բոլորժամանակներու վեհագոյն արժէքը:

Այդպէս էր երէկ: Այդպէս է այսօր ու այդպէս ալ պիտիըլլայ վաղը:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Մայր կուսակցութեանանունով ողջոյն բոլորիդ:

Ողջոյն անոնց, որոնք կը հաւատան մեր մեծ իտէալ-ներուն Մայր Հայաստանի, անպարտելի Հայաստանի եւՀզօր Հայաստանի բոլոր ճանապարհներուն վրայ:

Կեցցէ՜, Հայ Ժողովուրդը: Կեցցէ՜, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակ-

ցութիւնը:

Page 4: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

4

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

Գիտժողովին բացումը կատարեց Դոկտ.Աշոտ Մելքոնեան ( ՀՀ ԳԱԱ պատմութեանհիմնարկի տնօրէն). Ան իր խօսքով ըսաւ«Այս գիտաժողովի հիմնական նպատակըՀնչակեան կախաղաններու հիմնականպատ-ճառը բացայայտելն էր: Ինչպէս գիտէքԹուրքիա միշտ կը փորձէ առաջ քաշել, որՀայ ժողովուրդի դէմ գործադրուածցեղասպանութիւնը հետեւանք է Հայերուկողմէ պատրաստուող դաւաճանութեան եւայդ մէկը անհիմն է: Պատմականհիմնադրոյթները կ’ըսեն, որ Թուրքիոյ բոլորարարքները, ատոնց շարքին նաեւՀնչակեան Քսաններու կախաղան հանուիլըամբողջութեամբ փոխկապակցուած են Թուրքիոյբանթուրանական նկրտումներուն հետ: Թուրքիանախապէս պետականօրէն պատրաստած էր ՀայոցՑեղասպանութիւնը եւ նման գիտաժողովներ յաւելեալլոյս կը սփռեն պատմական այդ փաստերուն վրայ»:

Ապա ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարՏիկն. Հրանոյշ Յակոբեան: Տիկին Յակոբեան մատ-նանշեց, որ Քսաններու նահատակութիւնը ծրագրուածէր Թուրքիոյ կողմէ եւ այն ծրագրուած էր պետականմակարդակով: Տիկին նախարարը ըսաւ՝ «Հայ դատըպետք է չնահանջի, եւ հայ ժողովուրդը պէտք էմիասնական կերպով շարունակի իր պայքարը յանունարդարութեան: Այս հարցում իր ուրոյն տեղն ունիՍոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը, որը100 տարի առաջ կանգնած է եղել հայ ժողովրդիազգային ազատագրական պայքարի ակունքներում եւայսօր էլ սփիւռքի իր կառոյցներով օժանդակում է Հայոցցեղասպանության ճանաչմանը»: Տիկն. Յակոբեան իրխօսքի աւարտին նաեւ մատնաշեց, որ Հայ ժողովուրդըայսօր ուժեղ է եւ միասնակամ եւ անոր դիտարկումովՀայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրըմիջազգային հանրութեան օրակարգին վրայ է եւ նոյնառումով ճանաչման երթը անկասելի է հակառակ անոր,որ Թուրքիա կը շարունակէ իր ժխտողականքաղաքականութիւնը:

Ապա ներկայացուեցաւ «Քսանի Լուսաբաց»ըխորագիրը կրող ֆիլմը, որ պատմական փաստերովպատրաստուած եւ Քսաններու նահատակութեանխորհուրդը վեր առնող վաւերագրական տեսաֆիլմ մընէ, եւ որ առաջին անգամ կը ցուցադրուէր հանրութեան:

Ապա հերթաբար ելոյթներով հանդէս եկան ՍԴՀԿԿեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ընկ. ԵղիկՃէրէճեան («Քսաններու Քաղաքական Գնահա-

տականը»), Թուրք պատմաբան եւ քաղաքական գործիչ՝Քատիր Աքին («Կոտրուած Շղթայի ՕղակներըՄիացնող՝ Փարամազ»), գրող հրապարակախօս՝Գրիգոր Ջանիկեան (Քսաններու Դատավարութիւնը),պատմական գիտութիւններու թեկնածու ՝ ԳեղամՅովհաննիսեան («ՍԴՀԿ Իթթիհատ Յարաբերու-թիւնները Առաջին Աշխարհամարտի Սկիզբը») եւպատմական գիտութիւններու թեկնածու ՄանուկՍտեփանեան («Անմահ Քսաններու Սխրանքը»):

Ելոյթները կը յատկանուշէին պատմական նոր տուե-ալներ լոյսին բերելու եւ Քսաններու նահատակութեանօրերուն Թուրքիոյ մէջ տիրող ընդհանուր քաղաքականիրավիճակին մասին յաւելեալ գիտական փաստարկներներկայացնելու մօտեցումներով: Նշենք նաեւ, որելոյթներու աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում:

Ընկ. Եղիկ Ճէրէճեան Կեդրոնական Վարչութեանանունով գիտաժողովին փակումը կատարելով յայտնեց,որ սոյն գիտաժողովը կը համարուի յաջողած: Ընկ.Ճէրէճեան յոյս յայտնեց, որ հայրենի պատմագի-տականշրջանակները յաւելեալ հետաքրքրութիւն ցոյց կուտանՔսաններու նահատակութեան վերաբերեալ եւմանրամասնօրէն քննութեան կը դրուինանկիւնադարձային համարուող դէպքին բոլորմանրամասնութիւնները, որովհետեւ իր ըսելովՔսաններու թեման աւարտած չէ եւ այդ առումովհայրենի գիտական շրջանակները յաւելեալ պար-զաբանումներ կատարելու յանձնառութեան առջեւ են:

Սոցիալ Դեմոկրատ Կուսակցութեան կեդրոնականվարչութեան կողմէ կազմակերպուած այս գիտականմակարդակի գիտաժողովը վստահ ենք, որ յաւելեալ լոյսսփռեց անոնց նահատակութեան խորհուրդին:

Թղթակից

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

15 Յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան «Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիա»ինախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով նուիրուած ՝Հնչակեան Քսաններունահատակութեան 100-րդ տարելեցին: Գիտաժողովը կազմակերպուած էր ՍԴՀԿ ԿեդրոնականՎարչութեան կողմէ եւ կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ«Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիայի» պատմութեան ինստիտուտին (հիմնարկ):

Page 5: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

5

ä¾ÚðàôÂ

Կազմակերպութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ ՀնչակեանԿուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մարմնին 17 Յունիս

2015-ին Forum De Beyrouth սրահին մէջ տեղի ունեցաւՀնչակեան Քսաններու ոգեկոչման կեդրոնականհանդիսութիւնը: Հաւաքին ներկայ եղանԼիբանանահայ յարանուանութիւններու ներկայացու-ցիչներ եւ ազգային կուսակցութիւններու պատաս-խանատուներ, խորհրդարանի անդամ հայերեսփոխաններ ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը:Ձեռնարկին հերթաբար խօսք առին ՍԴՀԿ Լիբանանիշրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. ԱլէքսանՔէօշկէրեան, Հայաստանէն այս առթիւ Պէյրութժամանած մտաւորական եւ հրապարակագիր ՝ ՏիարԳրիգոր Ճանիկեան եւ ՍԴՀԿ ԿեդրոնականՎարչութեան փոխ ատենապետ ու երեսփոխան ՝ Ընկ.Սեպուհ Գալփաքեան: Ձեռնարկին բացումը կատարեց«Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ՝ Ընկհ. Անի Եփրեմեան:Ելոյթ ունեցողները իրենց խօսքերով շեշտը դրինՔսաններու սխրանքի խորհուրդին ու անոնցհերոսական նահատակութեան պատգամներուն վրայ:ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետԸնկ. Սեպուհ Գալփաքեան իր խօսքին մէջմասնաւորապէս դիտել տուաւ, որ ՀայոցՑեղասպանութեան ճանաչման թղթածրարը դադրած էօրակարգային անհրաժեշտութիւն ըլլալէ, որովհետեւշատ երկիրներ արդէն ճանչցած են փաստը, նոյնիսկքրէական պատասխանատուութիւն սահմանելովժխտողներուն դէմ: Անոր խօսքով, անհրաժեշտ էհայկական հարցը իրաւական հարթակ բարձրացնել:«Նախադէպը արդէն իսկ կայ, առաջինը` ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութեան ներկայացուցած դատական հայցըհանդիսացաւ, Սիսի եկեղեցապատկան կալուածներուվերադարձի պահանջով: Առաջինը, բայց թոյլ չտանք, որըլլայ վերջինը: Օգտագործելով մեր ժողովուրդինանսպառ ներուժն ու քաղաքական կամքը` այս

գործընթացը շարունակենք նաեւ միջազգային տարբերատեաններու ու դատարաններու մէջ այնքան, որթուրքը, ի վերջոյ, ստիպուած ու պարտադրաբարյանձնուի: Մեր դարաւոր պայքարի այս հանգրուանինամենա-արդիւնաւէտ ձեւը առայժմ սա է», եզրակացուցԸնկ. Սեպուհ Գալփաքեան: Ան կոչ ուղղեց մերպահանջատիրութեան յստակ չափ եւ բնոյթ տալ,այլապէս թուրքը պիտի չմտածէ նոյնիսկ ընդունելուհամար հատուցելու մասին: «Թղթածրարը պէտք էամբողջանայ, կէտերը ամրագրուին եւ պահանջողկողմը պէտք է ունենայ լիազօրուած բանբեր: Առանց այսկէտերուն պահանջատիրութիւնը կը մնայ վերացական:Ուրեմն, այստեղ խիստ անհրաժեշտութիւն կը ծագիստեղծել համընդհանուր ներկայացուցչութիւն մը,որուն հիմնական թիրախը պիտի ըլլայ կարգաւորելեւպատրաստել մէկ ընդհանուր թղթածրար: Մերառաջարկով,այդ մարմինը կրնայ ըլլալ արդէն իսկկազմաւորուած եւ գործ նականօրէն ինքզինքհաստատած Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակիպետական մարմինը, գլխաւորութեամբ ՀՀ ՆախագահՍերժ Սարգսեանի, զոյգ կաթողիկոսներուն եւաշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչ-ներուն», հաստատեց Ընկ. Գալփաքեան: Աւարտին

Մայր կուսակցութեան հանդէպ իրենց ունեցածբեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւններունհամար եւ Ընկ. Գալփաքեանի ձեռամբ «Փարամազ»շքանշանով պարգեւատրուեցան Ընկ. ՍարգիսՍարգիսեանն ու Ընկ. Պէպօ Սիմոնեանը (յետ մահու):Ձեռնարկի փակումը կատարուեցաւ երգիչ ՅարութՄուրատեանի կատարողութեամբ հնչած ՝ «ՈւխտիՀրաւէր» երգով:

Ս.Դ.Հ.Կ. ԱՇԽԱՐՀՈՎ ՄԷԿ ՈԳԵԿՈՉԵՑԱՆՄԱՀ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Page 6: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

6

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

Հովանաւորութեամբ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ ներկայութեամբ Կեդրոնական Վարչութեանատենապետ Ընկ.Յակոբ Տիգրանեանին եւ անդամ Ընկ. Վազգէն Գալթաքճեանին, Կիրակի, 15 Յունիս 2015‐ին

Միացեալ Նահանգներու հայաշատ Լոս Անճելոսքաղաքի ALEX սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քսաններունահատակութեան հարիւրամեակի ոգեկոչմանհանդիսութիւն, ներկայութեամբ պետական, կրօնական,դիւանագիտական հիւրերու եւ հայորդիներուբազմութեան: Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի անունովբացման խօսք արտասանեց Ընկ. Վահան Խոտա-նեան,իր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ Տէր ՅովնանԱրք. Տէրտէրեան: Խօսքեր արտասանեցին նաեւ ՀայԱմերիկեան Խորհուրդի ատենապետ Ընկ. ՍեւակԽաչատուրեան, ՍԴՀԿ Միացեալ Նահանգներուարեւմտեան շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Ընկ.Գափրիէլ Մոլոյեան, քաղաքական գործիչ եւմտաւորական Սարգիս Հացպանեան: Հանդիսութեան

ընթացքին «Սապահ Գիւլ» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ ամերիկացի գոնկրէսական Ատամ Շիֆ, որ ծանօթ է իրհայանպաստ կեցուածքներով եւ տարած կարեւոր աշխատանքներով: Գործադրուեցաւ գեղարուեստականյայտագիր: Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեանատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեան: (Ընկերոջ խօսքին ամբողջութիւնը տուած ենք այս թիւի 2‐րդ էջով)

Շաբաթ, 20 Յունիս 2015-ին, Արժանթինի մայրաքաղաքՊուէնոս Այրէսի մէջ արժանավայել շուքով նշուեցաւՀնչակեան Անմահն Քսաններու 100‐ամեակը`կազմակերպութեամբ տեղւոյն՝ «Շարժում ՄշակութայինՄիութեան»: Ս.Դ.Հնչակեան ԿուսակցութեանԿեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութիւնըվայելող սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան, մէկ օրառաջ Արժանթին ժամանած Կեդրոնի պատուիրա-կութեան անդամներ` Ատենապետ Ընկ. ՅակոբՏիգրանեան եւ Ընկ. Վազգէն Գալթաքճեան։ ՀայԿաթողիկէ ժողովրդապետութեան հանդիսասրահինմէջ կայացած բազմամարդ այս յուշատօնը իրենցներկայութեամբ կը պատուէին` Արժանթինի ՀայոցԱռաջնորդ Գերշ. Գիսակ Արք. Մուրատեան, ՀայԿաթողիկէ Նարեկի Տիրամօր անուան ժողովրդապետԳերյարգելի Պօղոս Շ. Վրդ. Հաքիմեան, ազգային‐քաղաքական բոլոր հոսանքներու, ինչպէս նաեւգաղութային մարմիններու, միութեանց եւ զանազանհաս տատութեանց ղեկավար դէմքերը։ Յուշատօնըվերածուեցաւ համազգային յարգանքի, ոգեկոչման եւպահանջատիրութեան տօնախմբութեան մը` մեծապէստպաւորելով բոլոր ներկաները։ Արժանթինի ՇրջանիՎարիչ Մարմնի Ատենապետ Ընկեր Տոքթ. ԳարլոսԴարբինեան սպաներէն լեզուով անդրադարձաւ օրուանխորհուրդին:«Շարժում Մշակ» Միութեան խօսքը,հայերէն լեզուով արտասանեց Ընկհ. Անի Մուշեան, որըսաւ՝ «100 տարիներ ետք, Հայն ու Հայաստանըկ՛ապրին։ Կը յիշենք, կը պահանջենք ու կը պայքարինքաշխարհով մէկ: Մեր կուսակցութիւնը իր նուիրումն ուզոհաբերութիւնը երբէք չէ սակարկած ու «ՇարժումՄշակ» Միութեան անդամներս ու համակիրները, այսօր

կ՛ընթանանք նոյն ուղիէն, կ՛ապրինք, կը յիշենք, կըպահանջենք ու կը պայքարինք միշտ մնալով պատնէշիվրայ»։ Ապա տեղի ունեցաւ «Քսաններու Արշալոյսը»վաւերագրական‐գեղարուեստական ժապաւէնիցուցադրութիւնը, որ մեծ տպաւորութիւն գործեց բոլորներկաներուն մօտ: Քսաններու պատմականառաքելութեան նուիրուած եւ արհեստավարժականբարձր մակարդակով իրագործուած այս ֆիլմը, որթարգմանուած էր սպաներէնի, մեծ արձագանգ ունեցաւբովանդակ Արժանտինահայ գաղութին մօտ։ ՀնչակեանԿուսակցութեան Կեդրոնական ՎարչութեանԱտենապետ` Ընկ. Յակոբ Տիգրանեան, որպէս օրուանգլխաւոր բանախօս, ոչ միայն վեր առաւ ԱնմահնՔսաններու պատմական առաքելութեան իմաստն ունշանակութիւնը, այլ շեշտը դրաւ անոնց պատգամին եւօրինակին անժամանցելիութեան վրայ։ Ապա,լուսարձակի տակ առնելով ժամանակակիցպահանջերն ու պայմանները, յստակ բնորոշումներով

Èàê ²ÜÖºÈàê

²ðIJÜÂÆÜ

Page 7: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

7

Շաբաթ, 20 Յունիս 2015-ին կազմակերպութեամբՍ.Դ.Հ.Կ. Կիպրոսի Վարիչ Մարմնին, Նիկոսիոյ ՀԲԸՄ-իակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հնչակեան ՔսանԿախաղաններու նահատակութեան 100-րդ տարելիցիննուիրուած հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էինկիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ պրն.Վարդգէս Մահտեսեան, քահանայ հայրեր, ԱզգայինԵրեսփոխանական եւ Վարչական Ժողովներուատենապետները, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ,ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուներ, «Նարեկ» հայկականվարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետն ուվարժարանին տնօրէնուհին, կիպրահայութեանմուխթարը, «Կիպրահայերու Արձագանգ» եւ «ԱզատԽօսք» լրատուական միջոցներու խմբագիրներ, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի ներկայացուցիչներ, կիպրահայհայորդիներ ու համակիրներ: Օրուան պատգամախօսնէր հայրենի գրող, հրապարակախօս ու թարգմանիչԳրիգոր Ճանիկեան: Կիպրոսի ու Հայաստանիհանրապետութիւններուն եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի քայլերգներէնետք, ձեռնարկին բացման խօսքը յանուն կազմակերպիչմարմինին կատարեց Ս.Դ.Հ.Կ. Կիպրոսի ՎարիչՄարմնի ատենապետ ընկ. Աւետիս Փոշօղլեան: Աննշեց, թէ « «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»կարգախօսը ճիշդընկալելու համար, նախ պէտք է մեծարել հերոսները`որոնք զոհաբերուեցան` իրենց հատու հայեացքըուղղած ազատ ու անկախ Հայաստանին. ան յարեց, թէՀայոց Ցեղասպանութեան սրբացած նահատակներունմէջ ամենասուրբ անձերը ֆետայիներն են` ո՛րկուսակցութեան կամ դաւանանքին ալ պատկանինանոնք: Ան անդրադառնալով կիպրահայիրականութեան եւ սրահին մէջ բազմաբնոյթներկայութեան, ընդգծեց թէ հաւաքական ճիգերովկարելի է յաղթանակներ արձանագրել, ոեւէ հայորդիպէտք չէ մեկուսացնել կամ չէզոքացնել, իրաւունքչունինք կորսնցնելու ոեւէ հայ մեր հաւաքականկեանքէն: Ապա ներկաները հետեւեցան «ՔսանիԼուսաբացը» տեսաերիզին, ուր պատմական անցեալըկար Քսաններու սխրագործութեան, ՀնչակեանԿուսակցութեան ծրագիրին, Կոստանցիայի 7-րդհամագումարին, Փարամազի գործունէութեան,մատնութեան նենգ արարքին եւ քսան նահատակներուկենսագրութեանց: Օրուան պատգամաբեր Գրիգոր

Ճանիկեան խօսք առնելով յայտնեց թէ ուսումնասիրածէ Քսաններուն դատավարութեան ընթացքը, արխիւներէբացայայտած բազմաթիւ նորութիւններ մեր ժողովուրդըշահագրգռող: Յիշեցնելէ ետք թէ 1981-ի Փարիզի «Վան»գործողութեան հերոսներէն երկուքը հնչակեաններ էին,հաստատեց թէ հնչակեան գաղափարախօսութիւնը իրազատագրական ոգիով ու պայքարով եղած էներշնչման աղբիւր նաեւ նոր սերունդներուն համար,որու որպէս արդիւնք արցախեան թէժ մարտերունգոյացան «Փարամազ», «Մեծն Մուրատ» ջոկատները: Անանդրադարձաւ Մեղրիի մէջ Փարամազի արձանինտեղադրման, անոր 19 ընկերներուն յուշաքարերուն`որոնք պիտի որպէս արձան կոթողուին ազատագրուածհայկական հողերուն վրայ` իրենց բնօրրաններուն մէջ:Ան յիշեցուց Չելլօ ջոկատին հետախուզական յանդուգնարարքները Ղարաբաղի մէջ, ինչ որ դրականհետեւանքներ ունեցած է պատերազմին արդիւնքինվրայ. ան նշեց թէ Հնչակեան ջոկատներ յաղթական էին`քիչ զոհերով: Ան կոչ ըրաւ մնալու կառչած Քսաններուկտակին եւ հայ ազատագրական պայքարիաւանդոյթներուն: Խօսքէն ետք «Պիտի Գնանք Վաղ ԹէՈւշ» երգով հանդէս եկաւ Գէորգ Շահպազեան:Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Տէր Մոմիկ քհնյ.Հապէշեանի «Պահպանիչ»ով:

ÎÆäðàê

ներկայացուց հայութիւնն ու Հայաստանը շահագրգռողգլխաւոր մարտահրաւէրները, իւրաքանչիւրի մասինյայտնելով իր համոզումներն ու յստակ տեսակէտները։Իր ելոյթի աւարտին, Ընկեր Յակոբ Տիգրանեաննորահաստատ «Փարամազ» ոսկեայ շքանշանովպարգեւատրեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ«Շարժում Մշակ» Միութեան Ատենապետ`վաստակաշատ Ընկեր Սամօ Սարգիսեանը,ներկաներու բուռն ծափահարութեանց ներքեւ։

Արժանթինահայ ծանօթ երգիչ, սիրուած թենոր ՍերխիօՉապրազեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ երաժիշտ եւհմուտ երգահան մաէսթրօ Մխիթար Գուտուզեանի,հրամցուց «Ծիրանի Ծառ» եւ «Կռունկ» երգերը։Կարդացուեցան զանազան ողջոյնի զօրակցականգիրեր։ Յուշատօնը աւարտեցաւ Առաջնորդ ՍրբազանՀօր սրտի խօսքով, որմէ ետք յոտնկայս ունկնդրուեցաւհազուագիւտ ձայնագրութեամբ, «Հեռաւոր Երկիր»քայլերգը, մեկանաբանութեամբ ՝ Արմէն Կիրակի:

Page 8: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

8

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

²ôêîð²ÈƲ

Կիրակի, 21 Յունիս 2015‐ին, Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօննուիրւած Քսան Անմահներու 100‐րդ ամեակին, ինչպէս նաեւ Հնչակեան բոլոր նահատակներույիշատակին:Արարողութենէն ետք Ս.Դ.Հ.Կ. Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմնի պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբատենապետ` Ընկ. Վաչէ Թոփուզեանի, այցելեցին Աւստրալիոյ Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Հայկազուն Եպս.Նաճարեանին, եւ արծարծուեցան գաղութը յուզող ազգային եւ ընկերային հարցեր:

Մոնթեվիտէոյի խորհրդանիշհամարուող «Թէաթրօ Սոլիս»իհանդիսութիւններու սրահինմէջ 25 Յունիս 2015-ին տեղիունեցաւ Հնչակեան ՔսանԿախաղաններու նուիրուածգլխաւոր ձեռնարկը Ուրուկ-ուէյի մէջ: Ներկայ էինՄոնթեվիտէոյի քաղաքապե-տուհի Աննա Օլիվերա,Խորհրդարանի անդամ ՓապլօԱպտալա, որ Ուրուկուէյիներկայացուցիչն էր Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀայոցՑեղասպանութեան 100‐րդ տարելիցին, ԱռաջնորդՍրբազան Յակոբ Արք. Գլընճեան, Կաթողիկէվարդապետներ՝ Անթոնիօ Քէչէճեան եւ ԺենարօԼուսարարեան, Հայաստանի Հանրապետութեանհիւպատոսի ներկայացուցիչ Ալիսիա Աբրահամեան,Ս.Դ.Հ.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ.Յակոբ Տիգրանեան, անդամներ Ընկ. Վազգէն Գալ-թաքճեան եւ Ընկ. Սամօ Սարգիսեան: Օրուանհանդիսավարներն էին, Ընկհ. Աննա ԼաուրաԳինոսեան (հայերէն լեզուով) եւ պատկերասփիւռիհաղորդավար Պերճ Ռուբէնեան (սպաներէն լեզուով):Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայերէն եւ սպաներէնլեզուներով Ս.Դ.Հ.Կ. Ուրուկուէյի Վարիչ Մարմնիատենապետուհի Անի Կարապետեանը: Ապաներկաները դիտեցին «Քսաններու Լուսաբացը»

վաւերագրական ֆիլմըսպաներէն թարգմանութեամբ,ձայնագրութիւն` Պերճ Ռուբէ-նեանի եւ թարգմանութիւն`Տիեկօ Գարամանուկեանի ուՅովհաննէս Պոտուքեանի:Ապա յաւուր պատշաճի խօսքարտասանեց Ուրուկույէիառաջնորդ Տ. Յակոբ ԱրքԳլընճեան: Գեղարուեստականյայտագիրին մաս կազմեցինմայէսթրօ Ալվարօ Յակոբեան

դաշնամուրի վրայ եւ ջութակահար ՄաթիասՔրասիուն: Նուագեցին Էտուարտ Պաղտասարեանի եւԽաչատուր Աւետիսեանի գործերէն կտորներ,արժանանալով բուռն ծափողջոյններու: Խօսք առաւ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետԸնկ.Յակոբ Տիգրանեան, որ վեր առաւ ՀնչակեանՔսաններուն նահատակութեան իմաստն ու լոյսինբերաւ պատմական բազում երեսները: Ընկ. Տիգրանեաննաեւ շեշտեց Ուրուկուէյի դերը, որպէս երկիր մը, որառաջինը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անյայտնեց թէ Ուրուկուէյը յատուկ տեղ ունի իւրաքանչիւրհայու սրտին մէջ: Այս առիթով նորահաստատ«Փարամազ» մետալով պարգեւատրուեցան ընկերներ`Պօղոս Աճէմեան, Ենովք Ասլանեան եւ ԵրուանդԿանիմեան: Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւՍ.Դ.Հ.Կ.քայլերգով:

ÂàôðøƲՊոլսոյ «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը հաւաք մը

կազմակերպեց Պոլսոյ Էտիրնէգափուի գերեզմանատանմէջ, ոգեկոչելու համար Քսաններու յիշատակը: Կազ-մակերպութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որՔսանները իրենց կեանքը տուին յանուն արդարութեանպայքարին եւ «նոյնիսկ կախաղանները չյաջողեցանտապալել անոնց կամքը»: «Փարամազի պայքարը մաս կըկազմէ միջազգային յեղափոխական պայքարին,» նշածէին «Նոր Զարթօնք»ի երիտասարդները: Հաւաքին առթիւ,կազմակերպիչներուն ուղղուած էր ողջոյնի խօսք, ՍԴՀԿԼիբանանիշրջանի Վարիչ Մարմնին կողմէ: «Սրտանց կըշնորհաւորենք բոլորդ Քսաններու նահատակութեան,յաղթանակի եւ վերածնունդի օրուան առթիւ: Արդէներրորդ տարին է, որ միասնաբար կ’ոգեկոչենք 20 հայյեղափոխականներու նահատակութեան յիշատակը: Այսգեղեցիկ աւանդութեան հիմքը դուք դրիք, զանոնքվերադարձնելով դէպի իրենց հարազատ ժողովուրդը,

միեւնոյն ատեն Փարամազն ու իր ընկերները դարձուցիքժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ճնշուած ազգերուազատագրական պայքարի փայլուն աստղեր: Այստարուայ յիշատակումը ունի մէկ այլ յատկութիւն, այն կըկատարուի իրենց անյայտ շիրիմներուն կողքին: Ճիշդ է,որ անոնց յստակ թաղուած տեղերը չենք գիտեր, սակայնիրենց գաղափարները` ազատութիւնը, արդարութիւնը,ժողովուրդներու հաւասարութիւնը կþապրին մերսրտերուն մէջ: Ճիշդ է, որ անոնք հայեր էին, սակայնանոնց պայքարին նպատակը ամբողջ մարդկութեանպայծառ ապագան ու երջանկութիւնն էր: Ճիշդ այսպատճառով է, որ Փարամազ ոչ միայն իր ժողովուրդինհարազատ զաւակը մնաց, այլ դարձաւ մերտարածաշրջանի բոլոր ազատատենչ ժողովուրդներուպայքարի հերոս խորհրդանիշը: Յաւերժ յարգանք անոնցանթառամ յիշատակին, պայքարին, գաղափարին»,նշուած էր ողջոյնի պատգամին մէջ:

àôðàôÎàô¾Ú

Page 9: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

9

Գա նա տայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ, Շաբաթ, 27Յունիս 2015-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեանսրահին մէջ նշուեցաւ Հնչակեան Քսաններունահատակութեան 100–րդ տարելիցը: Ձեռնարկըհովանաւորուած էր Ս. Դ. Հնչակեան ԿուսակցութեանԿեդրոնական Վարչութեան կողմէ, որու ատենապետ`Ընկ. Յակոբ Տիգրան եանն ու անդամներ՝ Ընկ. ՎազգէնԳալթաքճեանն ու Ընկ. Խաչիկ Քէշիշեանը Մոնթրէալհասած էին մասնակից ըլլալու հանդիսութեան։ Ներկայէին տեղական ազգային քոյր կազմակերպութիւններուեւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ սրահըամբողջու թեամբ լեցնող հասարակութիւն մը։

Գանատայի եւ Հայաստանի պետական հիմներու եւՀնչակեան քայլերգի ունկնդրու թենէն անմիջապէս ետք,հանդիսավար Ընկ. Գրիգոր Թաթուլեան իր բացմանխօսքով դրուատեց Քսաններու անձնուիրութիւնը։Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր,որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանէնյատկապէս հրաւիրուած հանրածանօթ ասմունքող եւՊէյրութի «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն՝ Ընկհ. ԱնիՍարաֆեան-Եփրեմեանին։ Գեղարուեստական բաժնէնետք տեղի ունեցաւ գնահատագրերու տուչութիւն`Մոնփթրալի հայ երիտասարդութիւնը գործունեայձեւով ներկա յացնող ՀԲԸՄ-ի Սկաու տա կան Մարմնինեւ ՀՅԴ ԳԵՄ երիտասարդականին, որոնք ժրաջան

աշխատանք տա րած էին Հայկական Ցեղաս-պանութեան հարիւրամեակին առթիւ եղած ձեռնարկ -ները յաջողեցնելու համար։Ապա, խօսք տրուեցաւօրուան բանախօս, Ս. Դ. Հնչակեան ԿուսակցութեանԿեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. ՅակոբՏիգրանեանին, որ Քսաններուն մասին խօսելէ եւ անոնցփառաբանութիւնը կատարելէ ետք, ներկաներունբացատրեց Մայր Կուսակցութեան յառաջի կայի աշխա -տանքային ծրագիրները եւ շեշտեց թէ համազգայինհռչակագ րով միացած հայութիւնը պիտի շարունակէպայքարիլ հայկական բռնագ-րաւուած իրաւունքներուվերատիրացման համար։

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ՄեծնԲրիտանիոյ Վարիչ Մարմինը, հովանաւորութեամբՍ.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վաչութեան, 2 Յուլիս 2015‐իերեկոյեան Լոնտոնի մէջ ոգեկոչեց յիշատակը 1915‐ինՊոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ, թուրքԻթթիհատական իշխանութիւններուն կողմէ կախաղանբարձրացած Հնչակեան Քսան հերոս նահատակներույիշատակը: Միջոցառման ներկայ գտնուելու եւհովանաւորելու համար Լոնտոն ժամանած էին Ս.Դ.Հ.Կ.‐ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` ընկ. ՅակոբՏիգրանեան, Կեդրոնի անդամ ընկերներ` ընկ. ՎազգէնԳալթագճեան եւ ընկ. Խաչիկ Քէշիշեան: ՄեծնԲրիտանիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հնչա-կեան Կուսակցութեան օրհներգներու յոտնկայս ունկնդ-րութեամբ, որմէ ետք ձեռնարկի բացման խօսքըկատարեց Մեծն Բրիտանիոյ Վարիչ Մարմնի փոխ-ատենապետ ընկ. Տոքթ. Վազգէն Գասէմճեան: Դահլիճըլեցուն էր շարքային հնչակեան ընկերներով,համակիրներով, ներկայ էին նաեւ Հայ ԱռաքելականԵկեղեցւոյ Մեծն Բրիտանիոյ թեմակալ ԱռաջնորդԳերաշնորհ Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան,բրիտանահայութեան տարբեր կուսակցութիւններու,միութիւններու, ազգային մարմիններու եւբարեսիրական կազմակեր պութիւններու ներկայացու-ցիչներ: Ընկ. Տոքթ. Վազգէն Քասէմճեան, իր բացմանխօսքէն ետք անդրադարձաւ Հնչակեան Կուսակ-ցութեան քաղաքական եւ յեղափոխական մերթբացայայտ եւ մերթ խիստ գաղտնի գործունէութեան:Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ս.Դ.Հ.Կ. ԿեդրոնականՎարչութեան ատենապետ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեան,

որպէսզի փոխանցէ իր պատգամը: Ղեկավար ընկերըբեմ բարձրանալով նախ անդրադարձաւ ՊոլսոյՍուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղանբարձրացած Հնչակեան քսան հերոսներու պատմական`յեղափոխական ծրագրին եւ առաքելութեան, որոնք կըբխէին կուսակցութեան Քոստանցայի (ՔոստանցանՌումանիոյ նաւահանգÇëï‐քաղաք է) 7‐րդ գաղտնիհամագումարի որոշումներէն. որոշումներուհիմնականն ու անբեկանելին կը մնար «Իթթիհատ ՎէԹէրաքի» կուսակցութեան գլխաւոր դէմքերուն հետկատարուելիք հաշուեյարդարը Փարամազի,գլխաւորութեամբ, քանզի թուրք իշխանաւորներըծրագարած էին «Թուրքիան առանց հայերու»բանաձեւը: Իր խօսքը եզրակացնելով, ընկ. ՅակոբՏիգրանեան յայտնեց թէ Հնչակեան ԿուսակցութեանԿեդրոնական Վարչութիւնը, ինչպէս ծանօթ է արդէնՍփիւռքէն փոխադրուած է Հայաստան, այսպիսով ՄայրԿուսակցութիւնը իր ղեկավարման գործունէութիւնըպիտի ծաւալէ Հայաստանէ՛ն ի սփիւռս աշխարհի: Իրխօսքի աւարտէն ետք, ընկ. Տիգրանեան յայտարարեց, թէՀնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեանառած որոշման համաձայն «Փարամազ»ի անուանշքանշաններ պիտի յանձնէ Կուսակցութեան ՄեծնԲրիտանիոյ վաստակաշատ եւ վեթերան ընկերներէն՝Ընկ. Մանուէլ Ադամեանին եւ Ընկ. ԵղիաԵղիազարեանին: Հանդիսութեան ընթացքին գոր-ծադրուեցաւ առիթին համար պատրաստուածգեղարուեստական պատշաճ յայտագիր: Յիշատակիերեկոն իր աւարտին հասաւ Գերաշնորհ Տ. ՅովակիմՍրբազանի «Պահպանիչ»ով:

¶²Ü²î²

²Ü¶ÈƲ

Page 10: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

10

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

Կիրակի, Յուլիս 5, 2015-իյետմիջօրէին, ՓարիզիԱռաջնորդանիստ, ՍուրբՅովհաննէս Մկրտիչտաճարին կից «ՆուրհանՖրէնկեան» սրահին մէջ,տեղի ունեցաւ ՀնչակեանՔսան Կախաղաններու 100ամեակի ոգեկոչումը:Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակ-եան ԿուսակցութեանՎարիչ Մարմինի հրա-ւէրով, հասարակութիւնըեկած էր դիտելու այն վաւերագրական տեսերիզը,«Քսանի Լուսաբացը» որ պատրաստուած էր ՍԴՀԿ-իԿեդրոնական Վարչութեան պատուէրով, Շարժումմետիայի կողմէն: Որմէ ետք ՍԴՀԿի ԿեդրոնականՎարչութեան ատենապետ, Ընկ. Յակոբ Տիգրանեան,պիտի փոխանցեր լսարանին, ՍԴՀԿ-ի պատգամը:Ոգեկոչումը սկսաւ ՍԴՀԿի Ֆրանսայի Շրջանի ՎարիչՄարմինի ատենապետ, Ընկ. Գէորգ Սաչլեանի ողջոյնիխօսքով: Ան հակիրճ պատմականը ըրաւ ՍԴՀԿ-ի Էհամագումարին, որ Սեպտեմբեր 1913ին, ՌումանիոյՔոսթենճէ, (Գոնսդանս) քաղաքին մէջ գումարուածկ’որոշէ ահաբեկել Երիտասարդ Թուրքեր-Իթթիհատկուսակցութեան պարագլուխները, Թալէաթը, Էնվերը եւՃեմալը: Յիշեց, Փարամազի դերը այդ ահաբեկչականգործին նախապատրաստական աշխատանքներունմէջ: Նկարագրեց Հնչակեան պարագլուխներուձեռբակալումը, բանտարկումը, շտապ դատը եւկախաղանը: Ընկ. Գէորգ Սաչլեան արտասանեցՓարամազի, «Դուք մեր մարմինները կրնաք կախելմիայն, իսկ գաղափարը ոչ: Վաղը, արեւելքի հորիզոնինվրայ պիտի ողջունենք ազատ, անկախ եւընկերվարական Հայաստանը» եւ Տոքթ. Պէննէի, «Դուքմեզ Քսաններս կը կախէք, բայց գիտցած եղէք թէ քսանհազարներ պիտի գան մեր ետեւէն» նշանաւոր խօսքերըեւ զուգահեր մը ըրաւ այսօրուան կացութեան հետ, եւվստահեցուց թէ, Հնչակեան Քսաններուն ետեւէն եկածէ Հնչակեան քսան հազարներու շարք մը ամենուրեք:Իսկ ՍԴՀԿ-ը որ հայրենիքի մէջ կը տանի ընկերայինարդարութեան եւ հաւասարութեան, գաղափարա-խօսութիւն եւ պայքար, շուտով կ’առաջարկէՀայաստանի անկախ պետութեան, ընկերվարական եւժողովրդավար, սոցիալ-դեմոկրատ, համակարգ: Ան իրխօսքը աւարտեց հետեւեալ բառերով, «թող ամէն հայհպարտ զգայ, որ ազգին ծոցէն ծնաւ ՍԴՀԿը, եւքսանները, եւ ան կանգուն է ժողովուրդին եւ ազգայինհամայն շահերուն, ինչպէս միշտ»:Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ֆրանսահայոց Առաջնորդ, Տ.

Վահան Եպիսկոպոս Յովաննէսեան: Սրբազան Հայրըիր խօսքին մէջ դրուատեց ՍԴՀԿի դերըհայապահպանման եւ ազգապահպանման դժուարինաշխատանքին մէջ սփիւռքեան ափերուն վրայ:Բացատրեց Հնչակեան Քսաններու անձնուէրառաքելութիւնը, որոնք իրենց ազգին ներկան ուապագան աւելի վեհ դասեցին քան իրենց կեանքը:Սրբազան Հայրը անդրադարցաւ ազգային եւմիջազգային հայկական կազմակերպութիւններու

տարբերութեանը եւաւելցուց, թէ Սոցիալ Դե-մոկրատ ՀնչակեանԿուսակցութեան պատմու-թիւնը կու գայ զայն դասելուիբր ազգային, որ մղուած էազգին լինելութեանպայքարով:Օրուան գլխաւոր բանա-խօսը, Սոցիալ ԴեմոկրատՀնչակեան Կուսակցութեան,Կեդրոնական Վարչութեանատենապետ, Ընկ. Յակոբ

Տիգրանեանը անդրադարձաւ ՍԴՀԿ-ի վարածքաղաքականութեան Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, իմասնաւորի տիրող Իթթիհատական կուսակցութեանպարագլուխներուն հանդէպ: Ան իր խօսքին մէջյայտարարեց, թէ ՍԴՀԿ-ը իր Կեդրոական Վարչութեանգրասենեակը սփիւռքէն փոխադրեց Հայաստան:Աւելցուց, թէ պաշտօնական պահանջագիրներկայացուած է Քսան կախաղաններու աճիւններըյայտնաբերել եւ զանոնք փոխադրել Ազատ ԱնկախՀայաստան եւ զետեղել Եռաբլուրի Ազգայինգերեզմանատան մէջ: Արտայայտուելով Ցեղաս-պանութեան 100 ամեակի մասին, ան առաջնահերթնկատեց համազգային պահանջներու իրաւականթղթածրարի պատրաստումը: Բացատրեց, թէ ՍԴՀԿ-իհամար առաջնային խնդիրներն են, ՀայաստանիՀանրապետութեան հզօրացումն ու կայունութիւնը,սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացը,մենատիրականութեան եւ կաշառակերութեան դէմպայքարը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմանաշխատանքները համահայկական հռչակագիրի դրոյթ-ներով, նոր կամուրջներու հաստատումը Հայ-թրքականերկխօսութեան գործընթացին մէջ, Արցախի հան-րապետութեան ամրապնդումը, ժողովուրդիանվտանգութիւնն ու ազատ ինքնորոշման իրաւունքըեւ միջազգային ճանաչումը, ամրապնդել Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները փոխադարձ վստահու-թեան մթնոլորտի ստեղծմամբ: Ընկ. Յակոբ Տիգրանեանիր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ ՍԴՀԿ-ի ճանապարհըեղած է պայքարի եւ նահատակութեան ճանապարհ, եւթէ Կուսակցութեան կամքը, ՍԴՀԿ-ի հաւատամքը եւՀնչակեանի արիւնը պատրաստ են գործելու յանուն մերԵրկրին, մեր Հայաստանին, որ մեր սիրտն է ու բոլորժամանակներու վեհագոյն արժէքը: Ապա ՎարդանԻշխանեան, խրախուսեց ներկաները, իր արժանավայելառոգանութեամբ զոյգ ասմունքներով, ՅովհաննէսԹումանեանի «Հին Օրհնութիւն» եւ ԳառնիկԱդդարեանի «Պայազիտ»ով:Ոգեկոչման աւարտին, ՍԴՀԿ-ի Ֆրանսայի շրջանի երէցանդամներէն, Ընկ. Գաբրիէլ Քէշիշեանը, իր տարածաշխատանքին ու կուսակցական զոհաբերութեան առ իարդիւնք, պատուուեցաւ ՍԴՀԿ-ի ԿեդրոնականՎարչութեան «Փարամազ» շքանշանով, ձեռամբըատենապետին՝ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեանին:Քսաններու Հաւատքով, Քսան Հազարներու խոստումովներկաները ցրուեցան, պահ մը կանգ առնելով եւխորհրդածելով Քսաններու նկարներուն առջեւ:

üð²Üê²

Page 11: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

11

Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին,Թորոնթոյի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեանկեդրոնատեղիին մէջ հաւաքուած էին հնչակեանընտանիքի անդամներն ու համակիր շրջանակը,ներկայ ըլլալու հանդիպումի մը ՍԴՀԿ ԿեդրոնականՎարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Կուսակ-ցութեան ատենապետ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեան եւԿեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. ՎազգէնԳալթաքճեան, շրջելէ ետք Լոս Անճելոս, Պաթոն Րուժ,Պուէնոս Այրէս եւ Մոնթէվիտէօ, ուր տեղի ունեցանհանդիսութիւններ նշելու հարիւրամեակը ՀնչակեանՔսան Կախաղաններու նահատակութեան, մէկ օրուայկարճ այցելութեամբ կ’անցնէին Թորոնթոյէն` երթալուՄոնթրէալ, ուր Շաբաթ, 27 Յունիս 2015-ին ներկայպիտի գտնուէին Մոնթրէալի ՍԴՀԿ «Վանիկ»մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած Քսաններունուիրուած հանդիսութեան, անկէ ետք շարունակելուիրենց երթը դէպի Եւրոպա ու Հայաստան, ուր,Օգոստոս 6-ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայեզրափակիչ հանդիսութիւն մեծարելու յիշատակըՔսան Կախաղաններուն։ Բարի գալուստի խօսքովհաւաքին բացումը կատարեց Ընկ. Համբիկ Թաթուլեան,որմէ ետք տեղի ունեցաւ Քսաններուն նուիրուած«Քսանի Լուսաբացը» ֆիլմին ցուցադրութիւնը, որվերջերս պատրաստուած էր հայրենիքի մէջ։ Ապա անհրաւիրեց Ընկ. Տիգրանեանը, որ իր խօսքը փոխանց էներկաներուն։ Ընկեր ատենապետը իր կարճ ելոյթինմէջ անդրադարձաւ կուսակցութեան վերաշխուժացածգործունէութեան մասին եւ իր պաշտօնին ու դիրքինվայել լրջութեամբ ու իմաստութեամբ պատասխանեցներկաներուն կողմ է ուղղուած հարցումներուն։Ելոյթներ ունեցան նաեւ ներկաներէն ոմանք, որոնքգնահատեցին Թորոնթոյի «Փարամազ» մասնաճիւղի եւՆոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ընկերներ-ընկերուհիներու տարած աշխատանքը։ Ապա, Ընկ.

Տիգրանեան գնահատելով Ընկ. Յովսէփ Գանգուրեանիտարիներու կուսակցական աշխատանքը, մանաւանդանոր անսակարկ նուիրումը «Լուսաբաց» շաբաթա-թերթի կանոնաւոր հրատարակութեան, զինքպարգեւատրեց Կեդրոնական Վարչութեան կողմէհաստատուած վաստակաւոր վեթերան ընկերներպատուող «Փարամազ» շքանշանով։ Նախապէս, նոյնօրը առաւօտեան, այցելելով հիւանդանոց, ուր կըգտնուի իր ապաքինման շրջանը բոլորող Ընկ. ՊետրոսՄուշեանը, զինք նաեւ պարգեւատրած էին միեւնոյնշքանշանով։ Հաւաքը աւարտեցաւ «Նոր Սերունդ»-իտիկիններուն կողմէ պատրաստուած ճոխ հիւրա-սիրութեամբ, որու ընթացքին առիթը ստեղծուեցաւաւելի մօտէն ծանօթանալու ղեկավար երկուընկերներուն:

ՍԴՀԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Սոցիալ Դոմոկրատ Հնչակեան ԿուսակցութեանԿեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց

Ուրուկուէյ ու տեսակցութիւններ ունեցաւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ: Կեդրոնական Վարչութեանատենապետ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեան, Վարչութեան անդամներ Ընկ. Վազգէն Գալթաքճեան եւ Ընկ. ՍամօՍարգիսեան, Ուրուկուէյի շրջանի Վարիչ Մարմնի անդամներուն ընկերակցութեամբ տեսակցեցան ՈւրուկուէյիԽորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին հետ: Հայ-ուրուկուէյական խորհրդարանականբարեկամութեան յանձնախումբի անդամ Ծերակուտական Ռուբէն Մարթինէզ Հուէլմօ, Տոքթ. Տանիէլ ՌատիօԲրեսթէ, Խորխէ Մերոնի եւ Տանիէլ Ֆոնտէ Մանթէս Տէ Օքա արտասանեցին խօսքեր, որոնց մէջ շեշտեցին հայ եւուրուկուէյցի ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը, զօրակցութիւնյայտնեցին Հայաստանին ու Արցախին: Ընկ. Յակոբ Տիգրանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեանհամար եւ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը առաջինը ճանչցած Ուրուկուէյը յատուկ տեղ ունիիւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ: Խօսելով Հնչակեան կուսակցութեան 128 տարուայ պատմութեան եւ

ԳԱՆԱՏԱ

ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ

Page 12: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

12

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

Արժանթին ժամանած Ս.Դ.Հ.Կ. պատուիրակութիւնը Հ.Հ. դեսպանատուն, ուր դեսպան Տիար ԱլեքսանՅարութիւնեանի երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառաւ ընդունուեցաւ հիւպատոս Տիկ. Եսթեր Մկրտումեանիկողմէ: Շուրջ մէկ ժամ տեւող տեսակցութեան ընթացքին տեղի ունեցած փոխադարձ ծանօթացումէն ետք, շինիչմթնոլորտի մէջ արծարծուեցան դեսպանատան աշխատանքները, Արժանթինահայ գաղութը յուզող խնդիրները,Հնչակեան կեդրոնի գործունէութիւնն ու նոր ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանը, Արցախը հայութիւնըհետաքրքրող այժմէական հարցեր:

Կեդրոնի պատուիրակութիւնը, Արժանթինի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունուեցաւԱրժանթինահայոց առաջնորդ Գերշ. Գիսակ Արք. Մուրատեանի կողմէ, հադիպումին կը մասնակցէր նաեւթեմական խորհուրդի (Հայոց Առաք. Եկեղեցւոյ Կեդր. Վարչ.) ներկայացուցիչ Տիար Վարդի Մանուկեան:

Շուրջ ժամ մը տեւող սոյն տեսակցութեան ընթացքին, կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ ընդհանրապէսհայութիւնն ու մասնաւորապէս Արժանթինահայ գաղութը հետաքրքրող հարցերու կողքին, քննարկուեցան նաեւՑեղասպանութեան 100 ամեակի նշումին հետ կապ ունեցող նիւթեր եւ երեւոյթներ, յատկապէս ընդգծուեցաւ եւբարձրօրէն գնահատուեցաւ Հռոմի Սրբազան Պապին այս առիթով ցուցաբերած վերաբերմունքը եւ վկայութիւնը`որպէս հաւատաւոր եւ անշեղ շարունակութիւն, անցեալին եւ ներկայիս Արժանթինի հայութեան հանդէպցուցաբերած անոր խոր համակրանքին եւ արդիւնաշատ գործակցութեան:

Պատուիրակութիւնը, որուն միացան նաեւ Շարժում Մշակ. Միութիւնը ներկայացնող այլ ընկերներ, յաջորդաբարայցելեց «Արմէնիա» փողոցին եւ անոր կից գտնուող հայկականզանազան հաստատութիւններ: Թէքէեան Մշակ. Միութեանկեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայգտնուեցան պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ քոյրմիութիւններու ներկայացուցիչներ:

Վերոյիշեալ միութեանց պատասխանատուներուն հետկայացած ջերմ ու յարգալի հանդիպումներու ընթացքին տեղիունեցան փոխադարձ ծանօթացում »í կարծիքներու փոխա-նակում, ազգային հարցերու վերաբերեալ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

գործունէութեան մասին, Ընկ. Տիգրանեան նաեւանդրադարձաւ Հայ Դ ատի հետապնդման աշխատանք-ներուն, Հայաստանն ու Արցախը յուզող հարցերուն:Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը նաեւ շրջագայեցաւԽորհրդարանին մաս կազմող Ծերակոյտի ուերեսփոխանական ժողովի սրահներուն մէջ:

Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը նաեւարտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջտեսակցեցաւ տնտեսական զարգացման եւ առեւտրականփոխանակումներու հարցերով զբաղող մարմնին հետ: Տեղիունեցաւ զանազան հարցերու շուրջ տեսակէտերուփոխանակում:

Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութիւնը աւելի ուշ տեսակցեցաւ նաեւ մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյիքաղաքապետուհի Անա Օլիւերայի հետ: Կողմերը քննարկեցին հայ-ուրուկուէյական յարաբերութիւնները աւելիեւս ամրապնդելու միջոցները:

ԱՅՑ՝ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ Հ.Հ. ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

ԱՅՑ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԵՒ «ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆ»

Page 13: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

13

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015ին ՍԴՀԿ- ի ԿեդրոնականՎարչութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբկուսակցութեան ատենապետ Ընկ. ՅակոբՏիգրանեանի, ինչպէս նաեւ ԿեդրոնականՎարչութեան փոխատենապետ, Լիբանանի պետականերեսփոխան, Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի,Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Վազգէն Գալ-թաքճեանի եւ Կեդրոնական ՎարչութեանԵրիտասարդական ու Մարզական դիւանի պատաս-խանատու Ընկ. Խաչիկ Քէշիշեանի հանդիպումներկ’ունենար Փարիզի մէջ:

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015ին պատուիրակութիւնըներկայ կ’ըլլար Ալֆորվիլ քաղաքի «Գէորգ Արապեան»երկրորդական վարժարանի բացման ներկայութեամբՖրանսայի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուվարչապետներ՝ Մանուէլ Վալսի եւ Յովիկ Աբրա-համեանի: Նոյն օրը հանդիպում տեղի ունեցաւԱլֆորվիլի քաղաքապետ, Ծերակուտական, ԼիւքԳարվունասի հետ եւ ինչպէս նաեւ Վալ տը Մարննահանգի երեսփոխան, Րընէ Րուքէի հետ:

Կիրակի, Յուլիս 5, 2015-ին պատուիրակութիւնըհանդիպեցաւ, ֆրանսահայոց Առաջնորդ, Կաթողիկո-սական Պատուիրակ արեւմտեան Եւրոպայի, Տ.Վահան Եպս. Յովհաննէսեանին հետ: Հանդիպմանընթացքին արծարծուեցան տարբեր ազգային նիւթեր

ինչպիսին, ՍԴՀԿ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիյարաբերութիւնները, ՍԴՀԿի եւ Հայոց Եկեղեցիի դերըազգապահպանման գործընթացին մէջ, սփիւռքեանհայ երիտասարդութեան ձուլումի վտանգը:Պատուիրակութիւնը հրաժեշտ առաւ Սրբազանէն,խոստանալով աշխուժացնելու Եկեղեցիին հետհամագործակցութիւնը: Տեսակցութեան իր մասնակ-ցութիւնը բերաւ նաեւ Հայր Ժիրայր Վրդ. Թաշճեան:

Նոյն օրը, պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ դէպիԿոմիտաս Վարդապետի արձանին, որ ՀայոցՑեղասպանութեան Փարիզի յուշակոթողն է եւծաղկեպսակ զետեղեց Քսաններու յիշատակին:

ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրա-կութեան հանդիպումներուն կը մասնակցէինՖրանսայի շրջանի Վարիչ Մարմինի անդամներ:

ՍԴՀԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Արժանթին այցելութեան առաջին օրուան գործունէութիւնը իրլրումին հասաւ «Շարժում Մշակութային Միութեան» սեփականակումբին մէջ կայացած ընկերական հանդիպում ընթրիքով:

Կեդրոնական Վարչութեան ընկերներուն հետ կայացած սոյնժողով-ընթրիքին մասնակցեցան մեր կազմակերպութեան եւ«Շարժում Մշակութային Միութեան» վարչութեանպատասխանատու ընկեր- ընկերուհիներ: Հանդիպումի ընթացքինընկերական ջերմ ու անկեղծ մթնոլորտի ներքեւ քննարկուեցանՀնչակեան Կուսակցութիւնը եւ մասնաւորապէս ԱրժանթինիՇրջանը հետաքրքրող հարցեր: Ներկայացուեցաւ Արժանթինիմասնաճիւղի աւելի քան հարիւրամեայ գործունէութեան համառօտպատմութիւնը. եղան հակիրճ հարցումներ, որոնցպատասխանեցին Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակու-թեան անդամները:

Հանդիպում-ընթրիքի աւարտին, Արժանթին այցելութեանառիթով, յուշանուէրներ յանձնուեցան հիւր պատուիրակութեանանդամներ՝ Ընկերներ Յակոբ Տիգրանեանին եւ ՎազգէնԳալթաքճեանին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ «ՇԱՐԺՈՒՄ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ»

Page 14: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

14

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

16, յունիս 2015-ինԵրեւանի «ՆոյանՏապան» լրատուականգործակալութեան մամ-լոյ ակումբին մէջ տեղիունեցաւ ասուլիս մաս-նակցութեամբ ՍԴՀԿկեդրոնական վարչու-թեան անդամ Ընկ. ԵղիկՃէրէճեանի եւ թուրքպատմաբան եւ քաղա-քական գործիչ ՝ՔատիրԱքինի: Ընկ. Ճէրէճեանիր խօսքին մէջ ներկայացուց այնհանգամանքները, որոնց լոյսին տակ թուրքպատմաբան Քատիր Աքին պատրաստեցՀնչակեան ղեկավար Փարամազի նուիրուած «ՀայՅեղափոխականը՝ Փարամազ» («Աբդիւլ ՀամիտիԵւ Երիտ Թուրքերու Ժամանակ Հայ Ընկերվա-րականները») խորագիրը կրող գիրքը: Ընկ.Ճէրէճեան նաեւ ըսաւ, որ Թէ Քատիր Աքին, որՊէյրութ այցելած է կուսակցութեան արխիւներէնօգտուելու նպատակով յաջողած է պատրաստելշատ վաւերական հատոր մը: Ընկերը նաեւյիշեցուց, որ Աքին Երեւանի մէջ կայացած եւՀնչակեան Քսան կախաղաններու յիշատակիննուիրուած միջազգային ժողովին ելոյթ ունեցած էեւ ներկայացուցած է Փարամազի (ՄատթէոսՍարգիսեան) հերոսին մասին կարեւորտեղեկութիւններ: Ընկ. Ճէրէճեանի կարծիքովՔատիր Աքինի հրապարակած թրքերէն հատորը եւհակառակ անոր, որ ուղղուած է թուրքհասարակութեան շատ կարեւոր եւ ամբողջականհատոր մըն է: Ընկ. Ճէրէճեան իր խօսքի աւարտինմեծապէս կարեւորեց Աքինի եւ իր նմանմտաւորականներու կատարած աշխատանքներընկատել տալով, որ մենք բոլորս պէտք է նեցուկկանգնինք այն թուրքերուն, որոնք կը ճանչնանՀայոց Ցեղասապանութեան փաստը եւ այդառումով կարեւոր գործունէութիւն կը ծաւալեն: Անիր խօսքը եզրափակեց ըսելով «եթէ տարիներառաջ ինձ ըսէին, որ Թուրք եւ Հայ երիտասարդներՓարամազի շիրիմը այցելած եւ յարգած ենհերիսին յիշատակը այդ մէկը երազ պիտիհամարէի եւ այսօր թուրք եւ հայ երիտասրդներ

միասին կը յարգենՓարամազի յիշատակըու մենք մեծ փոփոխու-թիւններու առջեւ ենքստիպուած են ճիշդգնահատել իրավի-ճակը»:

Իր կարգին ՔատիրԱքին խօսք առնելովնշեց, որ իր պրպտում-ներուն ընթացքին իրենպարզ դարձած է, որՓարամազ թուրքիոյ մէջ

ընկերվարութեան առաջին ռահվիրանէրէն մէկն ուայդ պատճառով ինք աշխատութիւն մը նուիրած էանոր: Քատիր Աքին նաեւ նշեց, որ Պէյրութ ըլլալովյաջողած է Փարամազի մասին իր ունեցածտեղեկութիւնները համալրել օգտուելով ՍոցիալԴեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեանարխիւներէն եւ այդ առումով իր խորագոյնշնորհակալութիւն յայտնեց ՍԴՀԿ-ին: Աքին նաեւըսաւ, որ իր գիրքը պատրաստելուն հիմնականնպատակներէն մէկը Թուրքիոյ մէջ տիրողմտայնութեան մէջ փոփոխութիւն յառաջացնելը:Ան ըսաւ, որ գիրքը ուղղուած է թուրքիոյ տարբերխաւերու մտաւորականութեան, որոնք պէտք էլիարժէք եւ ճիշդ տեղեկութիւններ ստանան 1915թուականին Օսմանեան կայսրութեան օրերունտեղի ունեցած դէպքերուն վերաբերեալ: Ան նաեւըսաւ, որ իր գիրքը արդէն տպուած է երկու անգամեւ սպառած ու հիմա կը պատրաստուին այներրորդ անգամ ըլլալով հրապարակել: Հեղինակըըսաւ, որ առաջակներ կան գիրքը թարգմանելու՝հայերէն, ապգլերէն եւ գերմանէրէն եւ այդ առումով

ԸՆԿ. ԵՂԻԿ ՃԷՐԷՃԵԱՆ ԵՒ ՔԱՏԻՐ ԱՔԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՏՈՒԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Page 15: Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan12.pdfԱ ՏԱՐԻ ԹԻՒ 12 24 ՀՈՒԼԻՍ 2015թ Պարոն քաղաքապետ, 1915 թուականի

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

15

արդէն որոշ աշխատանքներ ընթացքի մէջ են : Աննաեւ ըսաւ, որ գիրքի շնորհանդէսներ տեղիունեցած են Պոլսոյ, Անգարանի, ՓարիզիՆիւրէնմէրկի եւ Պէրնի մէջ: Քատիր Աքին ըսաւ, որինք HDP կուսակցութեան անդամ է եւ նշեց, որվերջին ընտրութիւններուն իրենք յաջողեցանփայլուն արդիւնքներ գրանցել եւ մուտք գործելԹուրքիոյ խորհրդարան: Քատիր Աքինի կարծիքովԹուրքիոյ մէջ անցեալին առկայ ընկերվարութիւնըանցած է դժուարին ճանապարհներէ եւ չէ յաջողածու այդ առումով նաեւ նշեց, որ ընկերվարութեանձախողութեան պատճառը, ոչ թէ գաղափարա-խօսութիւնն է այլ այդ գաղափարին գործադրմանեղանակը: Ըստ թուրք մտաւորականին այսօրԹուրքիոյ մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ երեւելիեն եւ որոշ շրջանակներ արդէն կը ճանչնան ՀայոցՑեղասպանութեան փաստը: Աքին պատասխա-նելով լրագրողի մը հարցին, որ արդեօ՞ք ինք իրունեցած հայանպաստ գաղափարաներուն ումանաւանդ Փարամազին նուիրուած գիրքէն ետքկ’ենթարկուի որոշ ճնշումներու ըսաւ, որ մինչեւայս պահը այդ առումով որեւէ ճնշում չկայ եւնոյնպէս յոյս յայտնեց, որ գիրքը կը ծառայէ Հայ եւԹուրք ժողովուրդներու մէջ ընկերավարականգաղափարներ ունեցող մտաւորականներու, լրագ-րողներու եւ հանրային ոլորտին մէջ ազդեցութիւնունեցող մարդոց միջեւ կապերու յաւելեալսերտացման եւ ամրացման նպատակին: Թուրքպատմբանը նաեւ յաւելեալ մանրամաս-նութիւններ տուաւ HDP կուսակցութեան մասին եւյիշղեցուց, որ ինք մաս կազմած է HDP-իններկայացնելով «Ընկերվարականներու վերակազ-մեալ կուսակցութիւն»ը: Ան նշեց, որ HDP-ի մէջ

եղող բոլոր խմբակցութիւնները կը ճանչնան ՀայոցՑեղասպանութեան փաստը: Աքին, նկատել տուաւ,որ թուրքիոյ մէջ կարեւոր փոփոխութիւններուժամանակը ընթացքի մէջ եւ ատոր մեծագոյնփաստը այն է, որ մինչ երէկ HDP կուսակցութեանանդամներու թուրքիոյ խորհրդարան մտնելը երազէր այսօր նոյն խորհրդրանէն ներս HDP-ն ունի 80երեսփոխաններ, հետեւաբար չի բացառուիր նաեւ,որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրա-կարգով կարեւոր տեղաշարժներ տեղի ունենան:«Արարատ»ի թղթակիցի հարցին պատասխանելով,թէ ինչ հիմունքներ պէտք է օգտագործուին,որպէսզի հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ փոխվստահութեան մթնոլորտ մը ստեղծուի, Աքինըսաւ, «տեսէք այսօր իմ գրքի հրապարակումէն իվեր ես արդէն բարեկամացած եմ Պրն. ԵղիկՃէրէճեանին հետ: Եւ կը հաւատամ, որ անմահՓարամազի գաղափարները մեզի կարեւոր ներուժկրնան տալ, որպէսզի կարողանանք մարդկային,արդար, եւ համակեցութեան մթնլորտի մը մէջմիասին ապրիլ ու նոր էջ բանալ երկու հարեւան եւերկար ժամանակ միասին ապրած ժողովուր-դներուն միջեւ»: Աքին իր խօսքը աւարտելով ըսաւ՝«Թուրքիոյ մէջ 100 տարի շարունակ Թուրքիոյհանրութիւնը սնուեցաւ սուտերով եւ հիմաժամանակը եկած է, որ բոլորս միասին գործակ-ցինք յանուն ճշմարտութեան: Իմ կարծիքովԹուրքիոյ պետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեանփաստը կը ճանչնայ միայն այն պարագային եթէԹուրքիոյ ողջ հանրութիւնը եւ մտաւորա-կանութիւնը ճանչնալ է ետք ՀայոցՑեղասպանութիւնը կարեւոր ճնշումներ բանեցնէպետութեան վրայ:»